Արարատ ճամբարը կը գործէ 1974-էն սկսեալ: Առիթը կու տայ 5-էն 14 տարեկան պատանիներու եւ պարմանուհիներու, ապրելու ամառնային ճամբարի անմոռանալի փորձառութիւններ ապահով եւ մտերմիկ շրջապատի մէջ:
Անոր առաջնահերթութիւնն է ամէն մէկ պզտիկի իւրայատուկ եւ դրական ինքնութեան զարգացումը: Այս զարգացումը կ'աճի մեզ շրջապատող մշակոյթներու այլազանութեամբ, բայց նաեւ հայկական մշակոյթի, դարաւոր պատմութեան եւ հայրենական ժառանգութեան գիտակցութեամբ:
Ապահով միջավայրի մէջ, մեր պզտիկները կը մասնակցին այլազան ծրագիրներու, պտոյտներու եւ այսպիսով կը ծանօթանան քաղաքին, զանազան մշակոյթներու եւ ի մասնաւորի հայկականին:
Զանազան յայտագիրներ կը պատրաստուին, հիմնուած իրենց հետաքրքրութիւններուն համաձայն, խթանելու իրենց մտային, ֆիզիքական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները: Անոնք առիթը ունին մասնակցելու զանազան յայտագիրներու՝ մարզական, ձեռային աշխատանքներու, թատերական, երաժշտական, պար, խաղեր եւ գիտելիքներ՝ առողջ ու մաքուր միջավայրի մը պահպանումին համար: Ի հարկին հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի գիտելիքներ կը դասաուանդուին մեր պզտիկներուն: Շաբաթը մէկ օր տրամադրուած է յատուկ պտոյտի կամ ծրագրի մը, ինչպէս պտոյտ դէպի ջրաշխարհ, կենդանաբնական պարտէզ, թանգարան,եւլ...: Կը նախատեսենք նաեւ պզտիկներուն նախասիրածը՝ պտոյտ դէպի լողաւազան:
Մեր բոլոր վարիչները եւ օգնականները ունին շտապ օգնութեան հաստատագիր, կը հետեւին նաեւ խմբային խաղեր կազմակերպելու եւ վառելու յատուկ դասընթացքներու:
Բարի գալուստ կը մաղթենք մեր բոլոր երեխաներուն եւ պատանիներուն:
Շնորհակալութիւն՝
Արարատ Ճամբարի վարիչ կազմ